Փաշինեան-Ծառուկեան հանդիպո՞ւմ. Armlur.am

ArmLur.am-ի տեղեկութիւններու համաձայն՝ այսօր ժամը 13.00-ին ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութիւն պիտի այցելէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ հանդիպում պիտի ունենայ ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ:
Ըստ կայքի տեղեկութիւններուն՝ մինչեւ հանդիպումը ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորները պիտի հանդիպին Գագիկ Ծառուկեանի հետ, որմէ ետք նոր պիտի կայանայ Փաշինեան-Ծառուկեան հանդիպումը:
Կայքի աղբիւրները փոխանցած են, որ Ծառուկեանի հետ պիտի ըլլան եւս երկու ԲՀԿ-ական պատգամաւորներ: Նշենք, որ Փաշինեանը կ'առաջարկէ 2021-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել, բայց մինչ այդ ԲՀԿ-ն կառավարութեան մէջ պէտք է ունենայ քանի մը նախարարական աթոռ: