Փաշինեան կը մեկնի Ս. Փեթերսպուրկ

Դեկտեմբեր 26-27-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ պիտի կայանայ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական գագաթնաժողով, որուն պիտի մասնակցի նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս տեղեկութիւնը հաստատած է վարչապետի աշխատակազմի լրատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեանը։
Հարցին՝ արդեօ՞ք կը նախատեսուի երկկողմ կամ եռակողմ հանդիպում Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու միջեւ, Արմէն Խաչատրեանը պատասխանած է. «Դեռեւս նման օրակարգ չկայ»։