Փաշինեան հանդիպած է Ֆրանսայի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ

2021-06-02
Image

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն ներս հանդիպած է Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր բնագաւառներու մէջ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը նախ առանձին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանի եւ hոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թերզեանի հետ:

Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ բանակցութիւններու արդիւնքներուն, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծմանն ուղղուած քայլերուն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջածիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերականգնման, Սփիւռքի ներուժի լիարժէք իրացման հնարաւորութիւններուն: Վերջինիս հետ կապուած Նիկոլ Փաշինեանը բարձր գնահատած է սփիւռքահայութեան համախմբուածութիւնը յատկապէս պատերազմի օրերուն եւ հայրենիքին ցուցաբերած անգնահատելի օժանդակութիւնը։ 

Վարչապետի պաշտօնակատարը հանգամանալից պատասխանած է ֆրանսահայերուն հետաքրքրող բոլոր հարցերուն:

Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցը Ֆրանսայի Հանրապետութիւն աւարտած է: ՀՀ պատուիրակութիւնը ժամանած է Պրիւքսէլ, ուր 2 Յունիսին հանդիպում պիտի ունենայ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ։ Կը նախատեսուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարի հանդիպումը Պելժիոյ Թագաւորութեան վարչապետ Ալեքսանտր տե Քրոյի հետ։