Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Արցախի նախկին նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ

2020-10-20
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութենէն ներս հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են  ատրպէյճանա-թրքական յարձակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու հակառակորդը դիմագրաւելու ուղղութեամբ քայլերը։