Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին

2021-07-14
Image

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինյան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Էմանուէլ Մաքրոնին՝ Ազգային տօնին առիթով։

«Անվիճելի է, որ Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջեւ ընդհանուր արժէքների եւ դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած երկկողմ յարաբերութիւնները կրում են առանձնաշնորհեալ բնոյթ։ Երկու պետութիւնների միջեւ բացառիկ քաղաքական երկխօսութիւնը թոյլ է տալիս յաջողութեամբ համագործակցել փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ ծրագրերի ու հարցերի շուրջ»,–նշած է Փաշինեանը։

Ան շեշտած է, որ նախորդ տարի տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններու վերաբերեալ (արցախեան 44–օրտայ պատերազմը,–խմբ.) Հայաստանն իր անկեղծ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բարեկամ Ֆրանսային՝ անաչառ դիրքորոշման եւ Հայաստանի ու Արցախի խաղաղ բնակչութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար։ 

«Ֆրանսան եւ ֆրանսիացիները հերթական անգամ մեր կողքին էին պատմական այս դժուար շրջափուլում»,– ընդգծած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Փաշինեանի խօսքով, Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով Ֆրանսայի ամուր ներգրաւումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը Ֆրանսայի Ազգային տօնի կապակցութեամբ Մաքրոնին մաղթած է քաջառողջութիւն, անկոտրում կամք եւ յաղթանակներ բոլոր նախաձեռնութիւններու մէջ, իսկ ֆրանսացի ժողովուրդին՝ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն։