Փարիզի մէջ մեկնարկած է Փաշինեան-Մաքրոն հանդիպումը

2021-06-01
Image

Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանեց Էլիզեան պալատ։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը Փարիզէն, վարչապետի պաշտօնակատարը դիմաւորած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։

Արարողակարգային լուսանկարահանումէն ետք երկու երկիրներու ղեկավարները լրատուամիջոցներու հետ հանդիպման ժամանակ հանդէս  եկած են յայտարարութեամբ։ Այնուհետեւ նախատեսուած է աշխատանքային ճաշ Ֆրանսայի նախագահի անունով։  Երկու երկիրներու ղեկավարներու քննարկման առանցքը, ի թիւս այլ հարցերու, պիտի ըլլան Հայաստան֊Ատրպէյճան սահմանի վերջին զարգացումները։

Էլիզեան պալատէն ետք ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը պիտի ուղեւորուի Սենատ։ Նիկոլ Փաշինեանը Սենատի նախագահի հետ հանդիպումէն առաջ ծաղիկներ պիտի խոնարհէ վերջերս Փարիզի մէջ բացուած աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի կիսանդրիի մօտ՝ ի յիշատակ մեծանուն երաժիշտի։ Սենատի նախագահի հետ հանդիպումէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը պիտի հիւրընկալուի Փարիզի քաղաքապետարանէն ներս: Այնտեղ ան պիտի հանդիպի քաղաքապետ Ան Իտալկոյի հետ։ Փարիզեան օրակարգը պիտի սպառի հայ համայնքի հետ հանդիպմամբ։