Փետրուար 15-էն դադարեցուած որոնողական աշխատանքները վերսկսած են․ Արցախի ԱԻՊԾ

2021-03-02
Image

ԱՀ ՆԳ նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան փրկարարական ջոկատներն այսօր զոհուած զինծառայողներու աճիւններու եւ անյայտ կորսուած զինծառայողներու որոնողական աշխատանքները վերսկսած են 4 ջոկատով՝ Հադրութի շրջանի, Վարանդայի (Ֆիզուլի) եւ Ջրականի (Ճապրայիլ) ուղղութիւններով:

Նշենք, որ 15 փետրուարէն որոնումները դադրեցուած էին ատրպէյճանական կողմի պահանջով:

Զինադադարէն ետք՝ 2020 թուականի 13 նոյեմբերէն առ այսօր որոնումներու շնորհիւ յայտնաբերուած է 1485 զոհուած զինծառայողի (ռազմագործողութիւններու մասնակից) եւ քաղաքացիական անձանց աճիւններ: