Փոխգնդապետը կրցած է շրջափակումէն հանել 600 զինծառայող. նորօրեայ հերոսներ

Պաշտպանութեան բանակը ներկայացուցած է նորօրեայ հերոսներ:
Նորօրեայ մեր հերոսամարտի աչքի ինկող ներկայացուցիչներէն է փոխգնդապետ Արթուր Մարտիկի Քարամեանը: Վերջինիս ղեկավարութեամբ իրականացուած գործողութիւններու շնորհիւ ոչնչացուած է հակառակորդի 3 եւ առգրաւուած է 3 հրասայլ, թշնամական կողմը ունեցած է մարդկային լուրջ կորուստներ:
Քաջարի փոխգնդապետը նաեւ կրցած է արագ կողմնորոշուիլ մարտական բարդ իրավիճակի մէջ եւ գրագէտ ու սառնասիրտ գործողութիւններու շնորհիւ շրջափակումէն հանել 600 զինծառայող:
Շարքային Սուրէն Արիկի Գաբրիէլեանը խոցած է թշնամական 4 միաւոր ՀՄՄ-2, 2 միաւոր ՀՄՄ-3 եւ 2 հրասայլ:
6 միաւոր հակառակորդի հրասայլ ալ ոչնչացուցած է լեյտենանտ Տիգրան Կարէնի Պետրոսեանը
Հակառակորդի համար իսկական պատուհաս դարձած է ՊԲ զինծառայող, փոխգնդապետ Ռիւրիկ Օլեկովիչ Սեմիոնովը: Քաջարի զինուորականը ոչնչացուցած է զինամթերքով բեռնուած 2 թշնամական «Կամազ», 1 ՊԶՄ, հակաթանկային 2 դասակ, 3 հրասայլ, 8 հետեւակի մարտական մեքենայ, 1 հրետանային «ՏՌ» կայանք, 2 մեքենայ:
Հակառակորդի 3 հրասայլ ոչնչացուցած է շարքային Մարթին Վարդգեսի Պապախանեանը, ու եւս 2 հրասայլ՝ սերժանտ Կարապետ Սէյրանի Յարութիւնեանը:
Փառք մեր հերոս տղաներուն: