Փոխհրաձգութեան հետեւանքով հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ

2021-11-16
Image

Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էինք, Սիւնիքի մէջ 13:00-էն սկսեալ՝ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու միջեւ փոխհրաձգութիւն սկսած է:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայկական ժամանակ»ը, փոխհրաձգութեան հետեւանքով հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ, մօտաւորապէս՝ 10 զոհ, կորսնցուցած ենք 2 մարտական դիրք: Ատրպէյճանական կողմէն ալ գերեվարուած է 6 հայ զինծառայող:

Յիշեցնենք, որ քիչ առաջ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածեց, ըստ որու՝ ատրպէյճանական կողմը գնդակոծութեան ենթարկած է հայկական դիրքերը: