Փութինն ու Մաքրոնը քննարկած են Ղարաբաղի հարցը

2021-04-27
Image

Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութինը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը հեռախօսով քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս մասին յայտնած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:

«Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը: Գոհունակութեամբ արձանգրուած է, որ իրավիճակը կը շարունակէ հանգիստ մնալ, կը շարունակուի համակարգուած աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ 9 նոյեմբերի 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու եւ Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւններու իրականացման ուղղութեամբ:

Արտայայտուած է ԼՂ կարգաւորման տարբեր գործօններու շուրջ համակարգման փոխադարձ պատրաստակամութիւն, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գծով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Էլիզեան պալատի հաղորդագրութեան, Ֆրանսայի պետութեան ղեկավարն ընդգծած է ռազմագերիներու, մարդասիրական աջակցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով առաջընթացի հասնելու անհրաժեշտութիւնը: «Երկու երկիրներու նախագահները պայմանաւորուած են վերականգնել ջանքերը Մինսքի խումբի շրջանակներէն ներս՝ իրավիճակի կայուն կարգաւորման հասնելու համար, եւ առաջիկայ օրերուն այդ ուղղութեամբ յստակ նախաձեռնութիւններ պիտի ձեռնարկուին»: