Քաղաքական ուժերը պարտաւոր են այսօր մինչեւ ժամը 18:00 իրենց փաստաթուղթերը ներկայացնել

2021-05-26
Image

Ընտրութիւններուն  մասնակցիլ ցանկացող կուսակցութիւնները կամ կուսակցութիւններու դաշինքները այսօր՝ 26 մայիսին, մինչեւ ժամը 18:00-ն պէտք է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացնեն գրանցման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը։ Մինչ այս պահը որեւէ քաղաքական ուժ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը չէ ներկայացուցած։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԿԸՅ նախագահի մամուլի քարտուղար  Հերմինէ Յարութիւնեանը:

Կուսակցութիւնները կամ կուսակցութիւններու դաշինքները գրանցման համար փաստաթուղթերը ներկայացնէ ետք՝ ԿԸՅ-ը մինչեւ 31 մայիսը, ժամը 18:00-ը պէտք է կուսակցութիւնները կամ կուսակցութիւններու դաշինքները գրանցելու գործընթացը աւարտէ։