Քիչ առաջ թիրախաւորուած է բերդաքաղաք Շուշին

2020-10-28
Image

Ատրպէյճանը թիրախաւորած է Արցախի բերդաքաղաք Շուշին։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական  ծառայութիւնը։ 

«27 Հոկտեմբերի լոյս 28-ի գիշերը Արցախի բնակավայրերուն մէջ համեմատաբար հանգիստ եղած է։ Երեկոյեան Մարտունին եւ Ասկերանի վերին ենթաշրջանը յայտնուած են թշնամական ուժերու թիրախ, իսկ կէսգիշերէն ետք կայուն լարուած իրավիճակը պահպանուած է` առանց կրակի։

Առաւօտեան ռազմագործողութիւններուն զուգահեռ, խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ Ատրպէյճանը  դարձեալ կրակ բացած է։  Քիչ առաջ բերդաքաղաք Շուշին թիրախաւորուած է։ 

Բարեբախտաբար, տուժածներ չկան»,-նշած են ԱԻ ՊԾ-էն։