Քովիտ-19. ՀՀ Զինուած ուժերուն մէջ արգիլուած են զինծառայողներու տեսակցութիւնները, արձակումները եւ արձակուրդները

2021-03-18
Image

Վերջին շրջանին «COVID-19»-ի հիւանդացութեան աճով պայմանաւորուած, ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ կ'իրականացուին առողջապահական եւ հակահամաճարակային միջոցառումներ։

ՊՆ-էն յայտնած են, որ ղեկավարուելով ՀՀ կառավարութեան 11 սեպտեմբեր 2020-ի 1514-Ն որոշման 17-րդ կէտի պահանջներով՝ արգիլուած են ժամկէտային պարտադիր զինծառայողներու տեսակցութիւնները, արձակումները եւ արձակուրդները՝ բացառութեամբ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» ՀՀ օրէնքի 28-րդ յօդուածի 6-րդ մասի 2-րդ ենթակէտի հիմքով նախատեսուած պարագաներուն (ընտանիքի անդամի (կին, երեխայ, հայր, մայր, քոյր, եղբայր, տատ, պապ) մահուան պարագաներ):

Կը խնդրենք ըմբռնումով մօտենալ համաճարակային իրավիճակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն։