ՔՊ-ն  ներգրաւուած է որպէս 3-րդ անձ՝ ԿԸՅ-ի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփման վէճի վերաբերեալ դատավարութեան. Բադասեան

2021-07-07
Image

«Քաղաքացիական պայմանագիր»ը ներգրաւուած է որպէս 3-րդ անձ՝ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփման վէճի վերաբերեալ դատավարութեան: Այս մասին յայտնած է ՀՀ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռուստամ Բադասեանը՝ մանրամասնելով.

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, սեփական դիմումի հիման վրայ, ՍԴ աշխատակարգային որոշմամբ, ներգրաւուել է որպէս երրորդ անձ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի 2021 թուականի Յունիսի 27-ի՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 2021 թուականի Յունիսի 20-ի արտահերթ ընտրութիւնների արդիւնքներն ամփոփելու մասին» թիւ 184-Ա որոշման հետ կապուած վէճի վերաբերեալ» միաւորուած գործով դատավարութեանը։ Առաջիկայում կը ներկայացուի ՔՊ իրաւական դիրքորոշումը ներկայացուած դիմումների կապակցութեամբ»։