Օհանեան յատուկ նշանակութեան հողամասերը վաճառած է այլոց եւ յափշտակած զանոնք. Վարդապետեան

Ազգային ժողովէն ներս գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան ներկայացուցած է ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին միջնորդագիրը։ Այն կը վերաբերի պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերէն մէկու օտարման գործարքին։
Երեք վարոյթի առնչուող միջնորդագրեր կան, որոնցմէ մէկը քննարկուած է գաղտնի։
Ըստ դատախազի` 2022 թուականի նոյեմբեր 15-ին ԱԱԾ քրէական վարոյթով տուեալներ ձեռք բերուած են, որ Արարատի մարզի Արմաշ համայնքի ղեկավարը 2005-ի յուլիս 11-ի որոշումներով անհատոյց օգտագործման իրաւունքով ՊՆ–ին տրամադրած է Արմաշ համայնքի Երեւանեան խճուղի 24/1 հասցէին վրայ գտնուող 1.2 հա եւ Երեւանեան խճուղի 1/4Գ 0.9 հա յատուկ նշանակութեան հողերը։
Նշեալ հասցէներուն վրայ եղած են Երասխ զօրամասի շտաբը, զօրանոցը, ճաշարանը, ակումբը։ Միւսի վրայ` Երախս 2 զօրամասի շտաբը, ճաշարանը։
«Նախաքննութեան ընթացքում ապացոյցներ են ձեռք բերուել, որ Սէյրան Օհանեանը 2008-16թթ., զբաղեցնելով պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, պաշտօնական դիրքն օգտագործել է ծառայութեան շահերին հակառակ։ Նա վերոյիշեալ յատուկ նշանակութեան հողամասերը դարձրել է այլ անձինը` այդ կերպ վատնման եղանակով յափշտակելով դրանք»,–ըսած է Վարդապետեանը` աւելցնելով, որ նկարագրուած արարքները կատարուած են 2 դրուագով։
Միջնորդագիրը ներկայացնելու ժամանակ հիմնական զեկուցող Աննա Վարդապետեանին հարց ուղղեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեանը, թէ անմիջապէս ինչ գործընթաց կը հետեւի դատարանի կողմէ կայացած դառավճռին, եթէ գործի վաղեմութեան ժամկէտն անցած է։
«Տեղի ունեցաւ քննութիւն, գործը գնաց դատարան, դատարանը տուեց իր դատավճիռը, որով ենթադրենք կայ ազատազրկման դատավճիռ, վաղեմութեան ժամկէտը ազդո՞ւմ է ազատազրկումը կրելու կամ չկրելու վրայ»,- հարցուց պատգամաւորը։
Արձագանգելով՝ Աննա Վարապետեանը ըսաւ․ «Այո, ազդում է, պատիժ չի նշանակւում այդ դէպքում, վերդիկտ կայացւում է, պատիժ չի նշանակւում, Քրէական դատավարութեան օրէնսգիքը դա յստակ ասում է»։
Նշենք, որ Սէյրան Օհանենա չէ համաձայնած վաղեմութեան ժամկէտի հիմքով իր նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում չյարուցելուն։