Օրուայ ընթացքին հրթիռակոծուած են Մարտունի եւ Մարտակերտ քաղաքները

Օրուայ ընթացքին Ատրպէյճանը կրակահերթի տակ պահած է Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակավայրերը։
Այս մասին կը յայտնեն Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն՝ աւելցնելով, որ կրատի եւ սմերչի կայանքներէն հրթիռակոծուած է Մարտունի քաղաքը եւ նոյն շրջանի Թաղավարդ համայնքը։
Օրուայ երկրորդ կէսին, հերթական անգամ ռազմական օդուժիի կիրառմամբ ռմբակոծուած է Մարտակերտ քաղաքը։
Մարդկային կորուստներ չկան, աւերածութիւնները կը ճշդուին։