24 սփիւռքահայ մասնագէտ աշխատանքի կ'անցնի ՀՀ կառավարութեան մէջ

2020-09-02
Image

24 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ կը սկսին աշխատանքը ՀՀ կառավարութեան մէջ։ Այս մասին կը յայտնեն Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն։

«Անոնք այսօրուընէ կը մեկնարկեն: Առաջին փուլով 24 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ կը սկսին աշխատանքը ՀՀ կառավարութեան մէջ: Գանատայէն, Դանիայէն, Ռուսաստանէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Նորվեկիայէն մինչեւ Իսրայէլ, Հոլանտա ու Չինաստան. անոնց նոյնիսկ համաճարակը չէ խանգարած հասնելու Հայաստան:

Ծրագրի մասնակիցները ողջունեց ու բարի գալուստ մաղթեց Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը: Յանձնակատարը յոյս յայտնեց, որ անոնք հայրենիքի մէջ կ'ունենան անփոխարինելի աշխատանքային փորձառութիւն:

Այնուհետ մասնակիցներուն «Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապագեանը եւ «RepatArmenia» հիմնադրամի համահիմնադիր Վարդան Մարաշլեանը ներկայացուցին հայաստանեան պետական մարմիններուն մէջ աշխատելաոճի առանձնայատկութիւնները եւ միջավայրին արագ ընդելուզման համար գործնական խորհուրդներ տուին:

COVID-19-ով եւ օդային սահմանափակ հաղորդակցութեամբ պայմանաւորուած՝ ծրագրի մուս մասնակիցները Հայաստան պիտի ժամանեն քիչ մը աւելի ուշ», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: