27-ի փոխարէն՝ 28. զօրակոչային տարիքը մէկ տարիով պիտի բարձրացուի

2022-10-04
Image

Կառավարութիւնը կ'առաջարկէ զօրակոչային տարիքն աւելցնել 1 տարիով` գործող 27 տարեկանի փոխարէն սահմանելով 28 տարեկանը։

«Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ ու կից օրէնքներուն մէջ համապատասխան փոփոխութիւններու նախագիծն այսօր Ազգային Ժողովէն ներս ներկայացնելու ժամանակ ԿԳՄՍ նախարար Վահրամ Դումանեան յայտնած է, որ այդ անհրաժեշտութիւնն առաջացած է այն պատճառով, որ յաճախ ուսման մէջ յաջողութիւններու հիմքով տարկէտում ստացած ուսանողները, ասպիրանտուրան չաւարտած, կը զօրակոչուին բանակ:

«Այս խնդիրն առաջացել է այն հանգամանքից, որ հանրակրթութեան տեւողութիւնը դարձել է 12 տարի, իսկ 27 տարին որոշուել է այն ժամանակ, երբ հանրակրթութիւնը դեռ 10 տարի տեւողութիւն ունէր։ Սա բերում է արհեստական լուծումների. ասպիրանտուրայի երկրորդ տարում փորձում էին ամէն կերպ աւարտել, պաշտպանել դիսերտացիան (թեզը), որպէսզի համարուի, որ այդ ցիկլը (շրջանը) փակուել է»,– ըսած է Դումանեան։

«Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ ու կից օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը ՀՀ կառավարութիւնն ընդունած էր այս տարուայ յուլիսին ու այն ուղարկած էր ԱԺ–ի քննարկման։ Օրինագծերու փաթեթը խորհրդարանը նախորդ շաբաթ ընդունած է առաջին ընթերցմամբ։