32 տարի առաջ այս օրերուն Պաքուի մէջ սկսան հայերու զանգուածային ջարդերը. ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութիւնը

2022-01-14
Image

32 տարի առաջ այս օրերուն Պաքուի մէջ սկսան հայերու զանգուածային ջարդերը, որոնք դարձան ատրպէյճանական ԽՍՀ-ի մէջ ապրող հայ բնակչութեան ոչնչացման եւ բռնի տեղահանման քաղաքականութեան գագաթնակէտը։

Այս մասին ըսուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ մէկ շաբաթ տեւած արիւնալի եւ զանգուածային յանցագործութիւններու հետեւանքով հայ բնակչութեան շարքերէն եղան հարիւրաւոր սպանուածներ, խեղուածներ եւ անյայտ կորսուածներ: Այդ ջարդերով աւարտին հասցուեցան Ատրպէյճանի հայաթափման գործընթացը, որու հետեւանքով շուրջ կէս միլիոն հայ դարձաւ փախստական:

Պաքուի ջարդերու եւ հայերու նկատմամբ իրականացուած միւս ոճրագործութիւններու հետեւողական ժխտումը, զանոնք իրագործողներու հերոսացումը, հայերու նկատմամբ ատելութեան շարունակական արմատաւորումը մինչ օրս ալ Ատրպէյճանի մէջ պետական քաղաքականութիւն են, որոնք կ'արտայայտուին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ ատելութեան խօսքով ու յարձակողական քաղաքականութեամբ, որ մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան առանցքային սպառնալիք է:

«Այսօր մենք գլուխ ենք խոնարհում Պաքուում տեղի ունեցած հակահայկական ջարդերի անմեղ զոհերի յիշատակին եւ վերահաստատում Հայաստանի, Արցախի եւ ողջ աշխարհասփիւռ հայութեան միասնական յանձնառութիւնը՝ ապահովելու իր հայրենիքում ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու հայ ժողովրդի իրաւունքը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: