4 հոգիով ներթափանցած են թշնամական ուժերու թիկունք, ոչնչացուցած ականանետային դասակի ամբողջ անձնակազմը (Տեսանիւթ)

Ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան գօտիի ճակատային գիծի հարաւային ուղղութեամբ վերջին օրերուն տեղ գտած բազմաթիւ հերոսական դրուագներէն մէկուն մէջ իրենց անունը փառքով պսակած են ՊԲ-ի զինծառայողներ Արամ Հայկի Զոհրապեանը, Նուէր Սամուէլի Աւանեսեանը, Արթուր Իսակի Սարգիսեանը եւ Արայիկ Կամոյի Յարութիւնեանը: Վերջիններս 4 հոգիով ներթափանցած են թշնամական ուժերու թիկունք, ոչնչացուցած են մեր ուղղութեամբ աշխատող ականանետային դասակի ամբողջ անձնակազմը եւ, առգրաւելով կարեւոր փաստաթղթեր ու սպառազինութիւն, բարեյաջող ետ վերադարձած են:
Բարոյամարտական բարձր յատկանիշներ դրսեւորելու, անձնական խիզախութեան ու մարտական բարդ առաջադրանքը անթերի իրականացնելու համար տղաները ներկայացուած են պետական բարձր պարգեւներու: