44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները քննող ԱԺ յանձնաժողովի գործունէութեան ժամկէտը երկարաձգուեցաւ
44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովի գործունէութեան ժամկէտը 6 ամսով երկարաձգուեցաւ:
Ազգային Ժողովի համապատասխան նախագիծը քուէարկութեամբ ընդունուեցաւ՝ ստանալով 59 կողմ, 29 դէմ, 1 ձեռնպահ ձայներ:
Յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը յայտնած էր, որ որոշուած է հրաւիրեալներու ցանկը, որու հիման վրայ հրաւիրուած են եւ պիտի հրաւիրուին գործող եւ նախկին զինուորական ու քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Յանձնաժողովին դիմած են պատերազմի բազմաթիւ մասնակիցներ եւ զոհվածներու հարազատներ, որոնք նոյնպէս անհատական կարգով յանձնաժողովին պիտի ներկայացնեն բազմաթիւ տեղեկութիւններ եւ տեսաձայնային նիւթեր։
Քոչարեանը նաեւ վստահեցուցած էր, որ այս վերջին երկարաձգումը պիտի ըլլայ։