49 Ռուսիոյ քաղաքացիներ տարհանուած են Արցախէն

Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղէն տարհանած են Ռուսիոյ Դաշնութեան 49 քաղաքացի, այդ շարքին՝ 6 երեխայ, որոնք նախապէս ժամանած էին ԼՂ: Այս մասին ըսուած է խաղաղապահներու թելեկրամեան ալիքով:
«Նախօրէին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ծիրին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողները հերթական տարհանում իրականացուցած են նախապէս Լեռնային Ղարաբաղի տարածք ժամանած Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիներ։ Միջոցառման հետեւանքով դուրս բերուած է 49 մարդ, այդ շարքին՝ 6 երեխայ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։