61 օր անյայտութեան մէջ գտնուող եւս 2 քաղաքացի յայտնաբերուած է

2020-12-22
Image

Որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած 2 քաղաքացի՝ հայր եւ որդի Միքայէլ եւ Գեղամ Պետրոսեանները, ռուս խաղաղապահներու եւ կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ քիչ առաջ տեղափոխուած են Ստեփանակերտ: Այս մասին տեղեկացուցած են ԱՀ ԱԻՊԾ-էն։

Տեսանիւթը’ այստեղ:

ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն զորավար-մայոր Կարէն Սարգսեանը եւ ՊԲ զօրավար-մայոր Աշոտ Բալասանեանը անոնց դիմաւորած եւ ուղեկցած են հանրապետական բժշկական կեդրոն, ուր Պետրոսեանները համապատասխան բուժօգնութիւն կը ստանան:

Կարէն Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմին՝ հրամանատար զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովի գլխաւորութեամբ, ՊԲ զօրավար-մայոր Աշոտ Բալասանեանին եւ որոնողական աշխատանքներ իրականացնող խումբի ուղեկցողներուն:

ԱԻ ծառայութեան տնօրէն Կարէն Սարգսեանը նշած է, որ որոնողական աշխատանքները կը կրեն ամենօրեայ բնոյթ եւ կը գործադրուին բոլոր հնարաւոր ջանքերն ու լծակները՝ անհետ կորած զինծառայողներն ու քաղաքացիները յայտնաբերելու համար: