80 ռազմագերու առնչութեամբ ունինք անվիճելի ապացոյցներ, որ անոնք գերեվարուած են. այլ հարց է՝ այս պահուն ո՞ղջ են, թէ՞ ոչ. Սիրանուշ Սահակեան

2021-09-02
Image

Եւս 80 ռազմագերիի առնչութեամբ ունինք անվիճելի ապացոյցներ, որ անոնք գերեվարուած են: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ, իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեանը:

«Այլ հարց է՝ գերեվարումից յետոյ որքա՞ն ժամանակ են ողջ մնացել կամ արդեօ՞ք այս պահին ողջ են, այդ հարցում բաւարար ապացոյցներ չկան»,-աւելցուցած է Սահակեանը՝ ընդգծելով, որ պաշտօնապէս հաստատուած 45 ռազմագերիէն բացի եւս 80-ը պէտք է հայրենադարձուին:

«Թէ ինչու Ատրպէյճանը չի հաստատում, որ նաեւ հայրենադարձում լինի, կարող է երկու հանգամանքի արդիւնք լինել՝ նախ՝  քաղաքական, որ դրանով պատասխանատուութիւն չի ստանձնում նոր քանակի անձանց ճակատագրի համար, երկրորդ՝ գերեվարուած քաղաքացիական անձինք կամ ռազմագերիները ուղղակի խոշտանգուելով սպանուել են»,-ըսած է ան: