817 տուն եւ 290 բնակարան՝ Արցախի մէջ. «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը նոր ծրագիր սկսած է
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը յայտնած է, որ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու խնդիրներուն մեղմացման եւ լուծման նպատակաւ Արցախի մէջ սկիզբ առած է լայնածաւալ բնակարանաշինութեան ծրագիր մը։
«Առաջին փուլով կը նախատեսուի կառուցել 817 տուն եւ 290 բնակարան, որուն համար յատկացուած է 58.398.000 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ։ Նշուած գումարը հաւաքագրուած է «Մենք ենք մեր սահմանները» դրամահաւաք-միջոցառման շրջանակներէն ներս՝ համայն հայութեան ջանքերով», - ըսուած է հիմնադրամին տարածած յայտարարութեան մէջ։
Բնակարաններուն եւ շենքերուն մէկ մասը շահագործման պիտի յանձնուի մինչեւ տարեվերջ՝ սեփական տանիքով ապահովելով Շուշիէն եւ Հատրութէն տեղահանուած մօտ 457 ընտանիքի՝ Ստեփանակերտի եւ Իւանեան համայնքներէն ներս։