Amnesty International-ի զեկոյցը` Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին մասին

2023-03-29
Image

Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը 2022-2023» զեկոյցը, ուր ներկայացուած են 156 երկիրներու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները:

Հայաստանի մասին զեկոյցը կը փաստէ, որ որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած 2020 թուականի հայ-ատրպէյճանական զինուած հակամարտութեան ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս յետոյ կատարուած պատերազմական յանցագործութիւններուն եւ այլ յանցագործութիւններու հետաքննութեան հարցով` համաձայն միջազգային իրաւունքի:

Սեղմ շարադրանքով զեկոյցին մէջ նշուած են Հայաստանի վերաբերեալ հիմնական արձանագրումները. իրաւապահները չափէն աւելի ուժ կիրառած են կառավարութեան դէմ ուղղուած բողոքի ցոյցերու ընթացքին: Սահմանափակուած է արտայայտման ազատութիւնը` հարիւրաւոր անձեր քրէական հետապնդման ենթարկուած են պաշտօնեաները ենթադրաբար վիրաւորելու համար: Հանքարդիւնաբերութեան օրէնսդրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւնները աւելի հեշտացուցած են շրջանցելու համար հանրային դիմադրութիւնն ու բնապահպան մտահոգութիւնները: Սեռային կողմնորոշման եւ ինքնութեան հիմքերով խտրականութեան դէմ պայքարի օրէնքները մնացած են անբաւարար:

Զեկոյցին հեղինակները աւելի ընդարձակելով վերոյիշեալ հիմնական կէտերը, կը շարունակէ, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով անվտանգային իրավիճակը մնացած է լարուած` յաճախակի փոխհրաձգութիւններով: Ատրպէյճանի հրետակոծութիւնները հարուածներ հասցուցած են Հայաստանի բուն տարածքին` Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ Վայոց ձորի մարզերուն, որուն հետեւանքով աւելի քան 200 մարդ զոհուած է, այդ շարքին` երկու քաղաքացիական անձ:

Հոկտեմբերին Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը համաձայնութեան եկած են իրենց սահմանի երկայնքով Եւրոմիութեան մշտադիտարկման առաքելութեան կարճաժամկէտ տեղակայման շուրջ:

Ռուս-ուքրանական պատերազմին հետեւանքով ռուսերու լայնածաւալ արտահոսքը Հայաստան օժանդակած է տնտեսական գործունէութեան, բայց այն նաեւ նպաստած է վարձակալութեան գիներու եւ ընդհանուր առմամբ` ապրուստի արժէքի բարձրացման:

Մարտ ամսուն Ընկերային Իրաւունքներու Եւրոպական Կոմիտէն մտահոգութիւն յայտնած է աշխատանքի անվտանգութեան եւ առողջութեան բարելաւման նպատակով Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած անբաւարար միջոցներու, աշխատանքի անվտանգութեան եւ առողջութեան մասին յստակ սահմանուած քաղաքականութեան բացակայութեան եւ բոլոր աշխատողներուն եւ անոնց խնամառուներուն համար ընկերային ապահովութեան երաշխաւորումը ձախողելու վերաբերեալ: