Յառաջիկայ շաբաթներուն ազատ պիտի արձակուին եւս քանի մը ձերբակալուածներ. Շարլ Միշել` գերիներու մասին
Յառաջիկայ շաբաթներուն ազատ պիտի արձակուին եւս քանի մը ձերբակալուածներ։ Այս մասին Պրիւքսէլի մէջ կայացած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եռակողմ հանդիպումէն ետք ըսած է Միշելը` անդրադառնալով գերիներու եւ պահուող անձանց խնդիրներուն։
«Այն զինուորները, որոնք պարզապէս մոլորուած եւ անցած են միւս կողմը, պիտի շարունակուին ազատ արձակուիլ արագացուած ընթացակարգով»,– ըսած է ան: Քննարկուած է նաեւ անյայտ կորսուած անձանց ճակատագրերու բացայայտման եւ ականազերծման աշխատանքներու աշխոյժացման կարեւորութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Եւրոպական խորհուրդի նախագահը հանդէս եկաւ ասուլիսով, որու ժամանակ ըսաւ, որ կողմերը որոշած են, որ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ սահմաններու սահմանազատումը 1991–ի Ալմա Աթայի հռչակագրով։