Թենիսի Հայաստանի հաւաքականը Տեյվիսի գաւաթի խաղերուն յաղթած է Ատրպէյճանին
Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ ընթացող Տեւիսի գաւաթի խաղարկութեան 4-րդ խումբի երկրորդ շրջանին Հայաստանի տղամարդոց հաւաքականը մրցած է ատրպէյճանցիներու հետ եւ յաղթած 2։1 հաշուով։
Առաջին մրցախաղին Սեդրակ Խաչատրեանը 6։3, 6։0 հաշուով յաղթանակ տարած է Էլվին Հաշիմովի նկատմամբ: Երկրորդ մրցախաղին Միքայէլ Աւետիսեանը 5:7, 4:6 հաշուով պարտուած է Թամերլան Ազիզովին: Զուգախաղին Սեդրակ Խաչատրեանն ու Հենրիկ Նիկողոսեանը մրցած են Թամերլան Ազիզովի եւ Էլվին Հաշիմովի հետ։ Հայաստանի զոյգը յաղթանակ տարած է 6։4, 1։6, 6։1 հաշուով։
Առաջին շրջանին Հայաստանի հաւաքականը 2:1 հաշուով յաղթած էր Ալպանիոյ խումբին: Ա խումբին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Չեռնոկորիայի հաւաքականը, որ նախորդ 2 խաղերուն յաղթած է Ատրպէյճանին ու Ալպանիային: Մրցաշարը պիտի աւարտի 26 Յունիսին: