Լեւոն Արոնեանը՝ Արագ եւ կայծակնային մրցաշարի յաղթող

Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց խումբի առաջատար Լեւոն Արոնեանը յաղթեց Պուխարեսթի արագ եւ կայծակնային մրցաշարին:
«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` արագ ճատրակէն ետք գրոսմասթըրները մրցած են կայծակնային ճատրակի շուրջ, ուր Լեւոն Արոնյեանը եւ Սերկէյ Քարիաքինը հաւաքելով 20-ական միաւոր, յաղթողը որոշածեն թայ-պրէյքին: Ճատրակիստները երկու խաղ խաղցած են` արագ մրցախաղը աւարտած է ոչ-ոքի, իսկ կայծակնայինին յաղթած է Արոնյեանը:
Պուխարեսթի Grand ChessTour-ի արագ եւ կայծակնային մրցաշարին կը մասնակցէին Ֆապիանու Քարուանան, Ուեսլի Սոն, Շահրիյար Մամետեարովը, Սերկէյ Քարիաքինը, Անիշ Կիրին, Ուիշի Անանտը, Վլատիմիր Արտեմիեւը, Լե Լիեմը եւ Անտոն Քորոպովը:
Մրցաշարային ֆոնտը կը կազմէր 150 հազար ԱՄՆ տոլար: