Ծանրորդ Կարէն Աւագեանը դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան, Անդրանիկ Կարապետեանը երրորդն է

2021-04-09
Image

Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականի անդամ Կարէն Աւագեանը դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան ախոյեան, իսկ Անդրանիկ Կարապետեանը զբաղցուց երրորդ տեղը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի  ախոյեանութեան տղամարդոց 89 քկ քաշային դասակարգի մրցումներուն Հայաստանէն մասնակցող Անդրանիկ Կարապետեանի պոկում վարժութեան առաջին երկու մօտեցումները յաջող էին` 165 քկ եւ 170 քկ: Սակայն ան չէ յաջողած բարձրացնել 175 քկ-ը: Կարապետեանը այս արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի առաջնութեան փոքր պրոնզէ մետալակիր: Հայաստանի միւս մասնակից Կարէն Աւագեանը անսխալ կատարած է իր բոլոր երեք մօտեցումները (165 քկ, 170 քկ, 175 քկ) եւ նուաճած փոքր ոսկեայ մետալ:

Հրում վարժութեան մէջ Կարապետեանը գլուխէն վեր պահած է 195 քկ, այնուհետ չէ բարձրացուցած 200 քկ եւ 205 քկ-ը:  Այս վարժութեան ժամանակ Կարէն Աւագեանը հրած է 200 քկ, սակայն չէ կրցած բարձրացնել 204 քկ-ը:

Երկամարտի 375 քկ արդիւնքով Աւագեանը դարձած է Եւրոպայի ախոյեան, երկրորդ տեղը զբաղցուցած է վրացի Ռեւազ Դաւիթաձէն, իսկ 365 քկ արդիւնքով Անդրանիկ Կարապետեանը երրորդն է Եւրոպայի առաջնութեան:

Այստեղ պէտք է նշել, որ Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն համար: