Հայազգի աշխարահռչակ ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան պիտի չմասնակցի ախոյեանութեան եզրափակիչին

2019-09-17
Image

Ողիմպիական խաղերու ոսկեայ մետալակիր, աշխարհի եռակի ու Եւրոպայի քառակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը (97 քկ) վնասուածքի պատճառով պիտի չմասնակցի Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան եզրափակիչին, ուր պէտք է մրցէր ռուս Մուսա Եւլոեւի հետ:

Սեպտեմբեր 16-ին գիւմրեցի ըմբիշը կիսաեզրափակիչ գօտեմարտին ստացած էր կողոսկրի կոտրուածք, որու հետեւանքով չի կրնար պայքարիլ աշխարհի ախոյեանի կոչման համար: Արթուր Ալեքսանեանը նախօրէին պայքարը սկսած էր որակաւորման փուլէն եւ յաղթած էր պելառուս Ալեքսանտր Հրաբովիքին (5:0), ֆինն Մատի Էլիասին (10:0), թուրք Չենկ Իլտեմին (4:2), իրանցի Ապտուլա Սարաւիին (4:3) ու վրացի Կիորկի Մելիային (3:1):

Աւելի վաղ կոմիտէէն յայտնած էին, որ Ալեքսանեանը, հակառակ կոտրուածքին, պիտի մասնակցի գօտեմարտին։