Մխիթարեան «Ինթերի» հետ խաղին իր կոլը նուիրեց Հայաստանին

2020-07-21
Image

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-ի 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ա. Էս. Ռոմա հիւրընկալեց Ինթեր Միլանին:

Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Ռոմայի» կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը «Ինթերի» հետ խաղին իր կոլը նուիրած է Հայաստանին.

«Իմ կոլը … իմ երկրին համար»,- գրած է Մխիթարեանը Facebook-ի Storys բաժնին մէջ:

 

Յիշեցնենք՝ օրեր առաջ Մխիթարեանը գրառում կատարած էր՝ անդրադառնալ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին օրերուն կատարուող իրադարձութիւններուն.

«Մեծագոյն անհանգստութեամբ կը հետեւիմ վերջին օրերուն մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցող լարուածութեան, թիրախաւորուած բնակավայրերու մասին լուրերուն եւ կ'ուզեմ զօրակցութիւնս յայտնել մեր քաջ զինուորներուն, որոնք կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը իրենց հերոսական գործողութիւններով:

Խորին վիշտով կը ցաւակցիմ մեր հերոս նահատակներու ընտանիքներուն ու կ'աղօթեմ վիրաւոր զինուորներու շուտափոյթ ապաքինման համար: Խաղաղութիւն կը մաղթեմ մեր հայրենիքին»,- գրած էր Մխիթարեանը: