Պաքու «կատղած է» Արցախի դրօշի ծածանման դէպքին պատճառով եւ բողոք պիտի ներկայացնէ

ՈՒԵՖԱ-ն կը հետաքննէ միջադէպը, Ատրպէյճանը կը պահանջէ պատժել մեղաւորները, Լիւքսամպուրկը ներողութիւն կը խնդրէ՝ սա է թերեւս Եւրոպա լիկայի շրջանակներէն ներս Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլային հանդիպման ամենեւին ալ ոչ մարզական արդիւնքը:
Տեղի «Տիւտելանժ»-ի եւ ատրպէյճանական «Ղարաբաղ»-ի խաղը անմիջապէս յայտնուած է լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին, երբ մարզադաշտի վրան երեւցած է անօդաչու թռչող սարք մը ՝ Ղարաբաղի դրօշով: «Ատրպէյճանցի ֆութպոլիսթները բորբոքուած են, վայրկեաններու ընթացքին զայրոյթի ալիքը հասած է հանդիսատեսներուն՝ ստիպելով մրցավարին ժամանակաւորապէս ընդհատել հանդիպումը», - գրած է տեղի պարբերականներէն մէկը՝ աւելցնելով. - «Թէեւ խաղը ընդհատուած էր, սակայն գնդակը կը շարունակէր թռչիլ այս ու այն կողմ, քանի որ ատրպէյճանցի կիսապաշտպան Կարա Կարաեւը ապարիւն փորձած էր իջեցնել վիճայարոյց դրօշը»: Հարկադրուած ընդմիջումէն ետք, մօտ 15 վայրկեան անց խաղը վերսկսած է: Թէժացած կիրքերը հանդարտեցնելու համար մարզական մեկնաբանի փոխարէն բարձրախօսին մօտեցած է Լիւքսամպուրկի սփորթի նախարարն ու պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած հիւրերէն:
Ժամեր անց նաեւ «Տիւտելանժ»-ը ներողութիւն խնդրած է կատարուածի համար: «Մենք այս սադրանքի հետ որեւէ կապ չունինք եւ կը պարզենք հանգամանքները», - յայտարարած է ֆութպոլային ակումբը Թուիթըրի իր պաշտօնական էջին:
Միջադէպին արձագանգած է նաեւ ՈՒԵՖԱ-ն, կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ խաղը ընդհատուած էր անվտանգութեան նկատառումներով, եւ աւելցուցած․ - «Մենք կը սպասենք այս հարցով հետաքննութիւններու աւարտին՝ որոշելու՝ արդեօք պէտք է կարգապահական պատժամիջոցներ կիրառել խաղի պատասխանատուներուն նկատմամբ»:
Պաշտօնական այս քայլերը, սակայն, Պաքուն չեն գոհացուցած: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Լիւքսամպուրկի մէջ իր դեսպանին յանձնարարած է կապ հաստատել այդ երկրի իշխանութիւններուն հետ՝ «համոզուելու, որ սադրանքի մեղաւորները կը յայտնաբերուին եւ համապատասխան պատիժի կ'ենթարկուին»:
Ատրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերացիան ալ պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է ՈՒԵՖԱ-ին՝ կոչ ընելով մանրազնին հետաքննութիւն կատարել միջադէպի շուրջ:
Յօգուտ ատրպէյճանական ակումբի 4:1 հաշուով աւարտած խաղին արձագանգած են արեւմտեան գրեթէ բոլոր առաջատար լրատուամիջոցները՝ ներկայացնելով ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութիւնն ու դրդապատճառները: