Ալիեւը սպառնացած է խոչընդոտել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը

2022-01-14
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալեւ յայտարարած է, որ Պաքուն պիտի ճնշէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի՝ ղարաբաղեան խնդրով զբաղւելու փորձերը։

«Ես տեղեկութիւն չունիմ, թէ ինչ կ'ընէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը։ Կ'ենթադրեմ, որ հիմա կը պատրաստուին յոբելենական միջոցառումներուն։ Մինսքի խումբը ստեղծուած է 1992 թուականին եւ այս տարի կը լրանայ անոր 30-ամեակը։ Անոնք հաւանաբար զբաղած են այս միջոցառումներու նախապատրաստմամբ։ Բայց կատակը մէկ կողմ, ես կը կարծեմ, որ անոնք պէտք է իրենց համար օրակարգ կազմեն», ըսած է Ալիեւ:

Ան նշած է, որ պատկերացում ունի, թէ ինչ պէտք է ընէ ԵԱՀԿ ՄԽ-ն, եւ ինչ՝ ոչ։

«Ես կրնամ ըսել, թէ անոնք ինչ պէտք չէ ընեն: Անոնք պէտք չէ զբաղին ԼՂ հակամարտութեամբ, քանի որ այն լուծուած է։ Անոնց փոխարէն մենք լուծեցինք այս խնդիրը։ Եւ անոնց բացակայութիւնը, կը կարծեմ, ասով պայմանաւորուած է», ըսած է Ալիեւը 

Ան յաւելած է, որ Ատրպէյճանը պիտի ճնշէ ղարաբաղեան հիմնախնդրով զբաղելու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին փորձերը։

«Որովհետև մենք այդ թոյլ չենք տար։ Մենք այս հակամարտութեան կողմ եղած ենք։ Եթէ կողմերէն մէկը կ'ըսէ, որ հակամարտութիւնը լուծուած է, ապա միջնորդութեան տեղ չկայ, եւ մեր դիրքորոշումը փոխանցուած է անոնց։ Երեւի իրենք պէտք է մտածեն, թէ ինչ ընեն», ըսած է ան։