Ատրպէյճանի կողմէ կռուող ահաբեկիչները չեն լքած այդ երկրի տարածքը. Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար

2023-03-31
Image

Իրանը չի հանդուրժեր սիոնիստական տարրերու առկայութիւնը տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ եւ պիտի դիմակայէ անոր, իրանա-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու լարուածութեան ֆոնին՝ դիմելով Պաքուին՝ յայտարարած է իսլամական հանրապետութեան ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիումարս Հէյտարին

Այս մասին յայտնած է Ազատութիւնը։

Ատրպէյճանի սահմանային տեղաշարժերուն մասին շարք մը յայտարարութիւններէ յետոյ, Իրանի ցամաքային զօրքերու հրամանատար Քիումարս Հէյտարին ըսած է. «Կովկասի մէջ կան շատ զգայուն հարցեր: Անոնցմէ մէկը այս երկրի սահմաններուն Սիոնիստական տարրերու առկայութիւնն է, միւս խնդիրը՝ սուրիացի ահաբեկիչներու առկայութիւնը, որոնք տարածաշրջան տեղափոխուած են Պաքուի եւ Հայաստանի միջեւ պատերազմին ժամանակ եւ Իրանը չունի որեւէ հիմնաւոր ապացոյց` տարածաշրջանէն այդ տարրերու հեռանալուն վերաբերեալ»:

Հէյտարին յաւելած է. «Երրորդ խնդիրը տարածաշրջանին մէջ պետական սահմաններու փոփոխութիւններու անօրինականութիւնն է: Իրան կը յարգէ հարեւան երկիրներու սահմանները եւ թոյլ պիտի չտայ, որ անոնք փոխուին»:

Ի պատասխան՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը զրպարտութիւն որակած է իրանեան բանակի հրամանատարի յայտարարութիւնը՝ պնդելով, թէ «Ատրպէյճանի տարածքին օտար տարրեր չկան», եւ Պաքուի հասցէին Թեհրանի բոլոր մեղադրանքները «անհիմն եւ անընդունելի են»։

Իրանցի զօրավարը նաեւ շեշտած է, որ Թեհրանը թոյլ չի տար փոփոխութիւններ Հայաստանի հետ սահմանին։ Պաքուէն կրկին մեղադրանքներ տեղացած են, թէ իրանեան կողմը մշտապէս աջակցած է Հայաստանին, նաեւ՝ պատերազմէն առաջ։

«Եւ այսօր ոչ մէկուն համար գաղտնիք է, որ Ֆրանսան եւ Իրանը Հայաստանի հիմնական դաշնակիցներն են աշխարհի մէջ»,- ընդգծած են նախարարութենէն։