Ատրպէյճան պղծած է Հատրութի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին

2022-04-28
Image

2022 թուականի Ապրիլ 27-ին ատրպէյճանական իշխանամերձ լրատուական գործակալութիւնները «Հատրութի մէջ նշած են Զատիկը» վերնագրով նիւթեր տարածած են` հրապարակելով նաեւ Հատրութ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիէն նոր լուսանկարներ:

Լուսանկարներու ուսումնասիրութիւնը յստակ ի ցոյց կը դնէ, որ եկեղեցիէն հանուած է խաչը: 

Բացի այդ, ատրպէյճանցիները, հետեւելով Ատրպէյճանի նախագահի` հայկական եկեղեցիներու գրութիւնները ջնջելու յորդորին, ջնջած են եկեղեցւոյ մուտքի արձանագրութիւնը առ այն, որ եկեղեցին վերանորոգուած է Միխայիլ Պաղտասարովի ֆինասնական աջակցութեամբ:

Եկեղեցւոյ տարածքին մէջ կը բացակային նաեւ գորգերը, ծիսական պարագաները, պատերէն հանուած են սրբապատկերները: Տարատեսակ ատրպէյճանական անուներով պղծուած են եկեղեցւոյ արտաքին պարիսպի պատերը:

Այս ամէնը Ատրպէյճանի կողմէ ծրագրուած քաղաքականութեան արդիւնք է, ինչի մասին կը վկայեն մասնաւորապէս այդ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն յայտարարութիւնները: 

Ամիսներ առաջ Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քեարիմովը յայտարարած էր, որ  Ատրպէյճանի մէջ կը ստեղծուի «աշխատանքային խումբ», որուն նպատակը Արցախի բռնագրաւուած յուշարձաններէն հայերէն արձանագրութիւններու եւ հայկական հետքի վերացումն է: 

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Հատրութի շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի այցի ընթացքին յորդորած էր ջնջել հայկական արձանագրութիւնները` չթաքցնելով հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ Ատրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութեան բուն էութիւնը. այն է ոչնչացում, ձեւափոխում եւ իւրացում:

Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին կառուցուած է 1621-ին [Մակար Բարխուդարեանց]: Այն  հետագային վերանորոգուած է 1819 թուականին, այդ ժամանակ ալ տեղադրուած է եկեղեցու գմբէթը  [«Լեռնային Ղարաբաղի պատմա-ճարտարապետական յուշարձանները», Մկրտչեան Շ․, 1987, Երեւան, էջ 3]: 

Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին վերջին անգամ վերանորոգուած է 1999 թուականին Մ․ Պաղտասարովի ֆինանսական օժանդակութեամբ: Պատերազմէն առաջ Սուրբ Յարութիւնը գործող եկեղեցի էր, պատերազմի ընթացքին չէ տուժած: Եկեղեցւոյ պղծումը հետեւողական կերպով իրականացուած է պատերազմի աւարտէն յետոյ:

Պատերազմէն յետոյ նոյն կերպ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային վանտալիզմի զոհ կը դառնան բոլոր հայկական մշակութային կոթողները: