Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սկսած պատերազմին զօրակցած 12 իրանցի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ

2021-10-14
Image

Իրանի մէջ 12 մարդ ձերբակալուած է 2020 թուականի Ղարաբաղեան պատերազմի աջակցութեան հաւաքին մասնակցելուն համար։ Ձերբակալուածները ատրպէյճանցիներ են, յայտնած է «Թուրան» գործակալութիւնը։

Հաղորդուած է, որ Իրանի՝ ատրպէյճանցիներով բնակեցուած Արտեպիլ քաղաքի դատարանը մեղադրեալները 15 տարուայ ազատազրկման դատապարտած է եւ ենթարկած 888 մտրակի հարուածի։ Անոնք մեղադրուած են ոստիկանութեան դէմ անկարգութիւններ հրահրելու եւ անկարգութիւններ իրագործելու յօդուածներով։

44-օրեայ պատերազմի մեկնարկին իրանաբնակ հարիւրաւոր ատրպէյճանցիներ փողոց իջած էին եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնած Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն։ Հաւաքի ընթացքին ձերբակալուած էր քանի մը տասնեակ անձ։