Աւստրիոյ իշխանութիւնները կը մեղադրեն Թուրքիան՝ լրտեսութեան մէջ

2020-09-02
Image

Աւստրիոյ մէջ ձերբակալած են ենթադրեալ թուրք լրտես, որ հետեւած է երկրին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի քննադատներուն: Корреспондент-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Աւստրիոյ Ներքին գործոց նախարար Քարլ Նեհամերը:

«Աւստրիոյ մէջ թրքական լրտեսութիւնը տեղ չունի: Պէտք է պարզ ըլլայ, որ մենք նման մօտեցում թոյլ չենք տար»,- աւստրացի նախարարի խօսքը մէջբերած է Die Presse պարբերականը:

Նախարարը աւելցուցած է, որ Աւստրիան դիւանագիտական քայլեր պիտի նախաձեռնէ ձերբակալութեան հետ կապուած, իսկ դատական իշխանութիւնը լրտեսութեան մասին մեղադրանք պիտի ներկայացնէ:  

Ինչպէս Նեհամերը յայտնած է, կասկածեալը բացայայտած են մէկ շաբաթ առաջ քիւրտ եւ թուրք ազգայնական ցուցարարներու միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու հետաքննութեան ընթացքին: