Գերմանական «Լեոփարտ-2» հրասայլերը հասած են Ուքրանիա

2023-03-29
Image

Գերմանիոյ կողմէ որպէս աջակցութիւն ուղարկուած «Լեոփարտ-2» 18 հրասայլերը հասած են Ուքրանիա:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ յղում կատարելով անվտանգային ոլորտի իր աղբիւրին: 

Գերմանիան դեռ յունուարին համաձայնած էր մատակարարել հրասայլերը, որոնք կը համարուին Արեւմուտքի զինանոցին մէջ լաւագոյններէն: Ըստ Քիեւի՝ ծանր սպառազինութեան ուղարկումը կրնայ վճռորոշ դեր ունենալ՝ Ռուսիոյ դէմ պայքարին մէջ, սակայն Մոսկուան այդ կը համարէ վտանգաւոր սադրանք:

Ըստ լրատուամիջոցի աղբիւրի՝ բացի այդ 18 հրասայլերէն, Ուքրանիա հասած են նաեւ 40 գերմանական Marder տեսակի հետեւակի մարտական մեքենաներ եւ 2 զրահապատ մեքենաներ: 

Նշուած է, որ Փորթուկալիոյ նուիրաբերած 3 Լեոփարտ հրասայլերը նոյնպէս հասած են Ուքրանիա: