Եթէ բռնութիւնը շարունակուի, պատրաստ ենք ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը․ Պրետ Շերմըն

2020-10-23
Image

Ամերիկացի քոնկրէսական Պրետ Շերմընն իր դիմատետրի էջին հետեւեալ գրառումը ըրած էր․

«Չորս շաբաթ անցած է, եւ Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարի երկու պայմանաւորուածութիւնները եւ կը շարունակէ արցախցիներու անխտիր թիրախաւորումը: Ատրպէյճանի ուղերձը յստակ է՝ բռնութիւն եւ ոչ բանակցութիւններ: ԱՄՆ-ը պէտք է այլ ուղերձ յղէ՝ եթէ յարձակումը շարունակուի, մենք պատրաստ ենք ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը»,- գրած է Շերմընը: