Էրտողան հաստատած է Ատրպէյճանի հետ պաշտպանական համագործակցութեան համաձայնագիրը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հաստատած է Ատրպէյճանի հետ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին միջկառավարական համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքը: Թուրքիոյ ղեկավարի համապատասխան հրամանը հրապարակուած է Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական Resmi gazete տեղեկագրին մէջ:
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ համագործակցութեան զարգացում պաշտպանական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու, արտադրութեան, մատակարարման, սպասարկման եւ յարակից արհեստագիտական եւ նիւթա-տեխնիկական ապահովման ոլորտին մէջ:
Պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ 2 երկիրներու կառավարութիւններու համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է 2017 թուականի 31 հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի 6-րդ նիստի արդիւնքներով: