Թուրքիոյ ընտրութիւնները դէպի երկրորդ փուլ
Թուրքիոյ մէջ բոլոր քուէաթերթիկներու հաշուարկէն ետք յայտնի դարձած են նախագահական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները։ Ինչպէս հադորդած է «ՌԻԱ նովոստի»ն, ձայներու թուով առաջատարը գործող նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն է, որու օգտին քուէարկած է ընտրողներու 49,24%-ը։
Էրտողանի հիմնական մրցակից Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ստացած է ձայներու 45,06%-ը։ Նախագահի միւս թեկնածուի՝ «Աթա» դաշինքէն 55-ամեայ Սինան Օկանի օգտին քուէարկած է ընտրողներու 5,28%-ը։
«Մեմլեքեթ» կուսակցութեան առաջնորդ Մուհարեմ Ինճէն ստացած է ձայներու 0,42%-ը։ Վերջինս հանած էր իր թեկնածութիւնը ընտրութիւններէն երեք օր առաջ, սակայն Թուրքիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը վաւեր ճանչցած է անոր օգտին տրուած ձայները։
Մայիս 14-ին կայացած ընտրութիւններու արդիւնքներով թեկնածուներէն ոչ մէկը ստացած է ձայներու 50%-ը, որ կը նշանակէ, որ յաղթողը պիտի որոշուի երկրորդ փուլին։ Ընտրութիւններու երկրորդ փուլը պիտի կայանայ երկու շաբաթէն՝ մայիս 28-ին։