Իսրայէլի մէջ կ'ուզեն ամբողջական «քարանթին» սահմանել

2020-09-14
Image

Իսրայէլի կառավարութիւնը քուէարկած է երեք շաբաթով քարանթինի սահմանման օգտին, կը յայտնէ ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն։

Ինչպէս կը գրէ պարբերականը, կառավարութեան որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 18 սեպտեմբերէն՝ ժամը 14:00-էն:

11 Սեպտեմբերին «Քորոնա» ժահրի կառավարական յանձնաժողովն առաջարկած է ամբողջական «լոքտաուն» սահմանել հրէական տօներու ժամանակ, որոնք կը սկսին 18 սեպտեմբերէն:

Առաջարկութիւնները կը ներառեն քաղաքացիներու տեղաշարժի սահմանափակումներ, կրթական հաստատութիւններու, ճաշարաններու եւ սրճարաններու փակում։ Սահմանափակումները չեն վերաբերիր կենսական անհրաժեշտ արտադրութիւններու փակման, կը հաղորդէ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը: