Մենք հաւատարիմ կը մնանք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայի խթանման. Փաթելը՝ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ Միրզոյեան-Պայրամով բանակցութիւններու մասին

2023-05-03
Image

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխխօսնակ Վետանթ Փաթել ճեպազրոյցին անդրադարձած է իացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ընթացող հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին երկրները կը ներկայացնեն արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Ճէյհուն Պայրամովը:

«Ես ձեզի համար թարմացումներ չունիմ: Մենք հաւատարիմ կը մնանք այս գործընթացին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայի խթանման: Մենք կը կարծենք, որ ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման համար, բայց ես պարզապէս չեմ ուզեր առաջ իյնալ հանդիպումներէն»,-ըսած է Փաթել՝ հրաժարելով որեւէ մանրամասնութիւն ներկայացնել։

Ան աւելցուցած է, որ փակ դռներու ետին ընթացող բանակցութիւններուն իացեալ Նահանգներու կողմէ կը մասնակցին շարք մը պաշտօնեաներ, որոնք խորապէս ներգրաւուած են գործընթացին մէջ: