Նենսի Փելոսի կը լքէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի Դեմոկրատական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնը

2022-11-18
Image

Նենսի Փելոսին կը լքէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի Դեմոկրատական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնը։ Այդ մասին ան յայտարարած է հինգշաբթի օր՝ ելոյթ ունենալով օրէնսդիր մարմնի ստորին պալատի նիստին։

«Մեր խմբակցութեան նկատմամբ մեծ վստահութեամբ յանդերձ, ես չեմ ձգտիր վերընտրուիլ որպէս դեմոկրատներու առաջնորդ Քոնկրեսի մէջ: Ժամանակն է, որ նոր սերունդը ղեկավարէ խմբակցութիւնը»,-ըսած է Փելոսին։

Այնուամենայնիւ, ան պիտի չանցնի թոշակի, պիտի շարունակէ աշխատիլ Քոնկրեսի ստորին պալատին մէջ։

Ներկայիս Քոնկրեսի մէջ Փելոսին կը զբաղցնէ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակի պաշտօնը: Սակայն 8 նոյեմբերին կայացած միջանկեալ ընտրութիւններուն դեմոկրատները կորսնցուցած են մեծամասնութիւնը Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ, վերահսկողութիւնը պիտի անցնի Հանրապետական կուսակցութեան։

Քոնկրեսի ստորին պալատի յաջորդ խօսնակը պիտի ըլլայ հանրապետական։ Ինչպէս եւ կ'ակնկալուէր, շուտով այս պաշտօնը պիտի զբաղցնէ Քեւին Մաքքարթին, որ մինչ այժմ եղած է Ներկայացուցիչներու պալատի հանրապետական փոքրամասնութեան ղեկավարը։