Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա «աղէտ պիտի դառնայ» Մոսկուայի համար․ Պայտըն

2022-01-20
Image

Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա «աղէտ պիտի դառնայ» Մոսկուայի համար, յայտպած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը։

«Եթէ Ռուսաստանի իշխանութիւնները ընեն այն, ինչի ընդունակ են՝ սահմանին կեդրոնացուած իրենց ուժերով, այդ աղէտ պիտի ըլլայ Ռուսաստանի համար», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւ յաւելած, որ ԱՄՆ գործընկերներն ու դաշնակիցները «պատրաստ են լուրջ վնաս հասցնելու ռուսական տնտեսութեան»։

Ոչ մէկ հիմք կայ պնդելու, որ ՆԱԹՕ-ի անդամները միասնական պիտի չըլլան ռուս-ուքրանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ Ռուսաստանի դէմ պատասխան գործողութիւններու հարցով, նշած է ԱՄՆ նախագահը։

Միացեալ Նահանգներու հանրապետական ծերակուտականներ ալ յայտարարած են, որ դեմոկրատներուն հետ կ'աշխատին Ուքրանիոյ օգնելու նոր օրինագիծի վրայ: Անոնք կ'առաջարկեն Ուքրանիոյ դէմ յարձակման պարագային անջատել ռուսական դրամատուները SWIFT վճարային համակարգէն: