Փութինն ու Էրտողանը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի ու հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման մասին հարցեր

2021-09-30
Image

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Թայէպ Էրտողանը քննարկած են Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը։ Այս մասին յայտարարած է Փութինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստին։

Ան նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացուցած են տարածաշրջանային խնդիրներուն:

Փեսքով աւելցուցած է, որ Փութինը Էրտողանի հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերու միջեւ փոխզիջումային լուծումներու անհրաժեշտութիւնը։

«Ռուսական կողմէն ընդգծուած է, որ կողմերը պէտք է փոխզիջումային լուծումներ գտնեն փոխադրային ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ սահմաններու սահմանազատման հարցով»,-ըսած է Փեսքով։