«Դուք բեմին վրայ ձեր պարերով կը խօսէիք». Նիւ Եորքի Շուշի պարախումբի ելոյթը Գիւմրիի մէջ
«Դուք բեմին վրայ ձեր պարերով կը խօսէիք». Նիւ Եորքի Շուշի պարախումբի ելոյթը Գիւմրիի մէջ
Ուրբաթ՝ 9 Օգոստոս, 2019-ին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի հովանաւորութեամբ, Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի հովանիի ներքոյ գործող «Շուշի» հայկական պարի անսամպլը Գիւմրիի մէջ հանդէս եկաւ բացառիկ ելոյթով:
Համերգին, որ նուիրուած էր մեծն Կոմիտասին եւ կը կրէր «Կոմիտաս Այժմ Եւ Առյաւէտ» խորագիրը , իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ «Նարեկացի նուագախումբ»ը, գեղարուեստական ղեկավար՝ ՀՀ վաստակաւոր արթիսթ Արմէն Խաչատուրի գլխաւորութեամբ, մեներգիչներ Անահիտ Զաքարեան (ԱՄՆ), Մուրատ Մալխասեան եւ յայտնի ասմունքող, ՀՀ վաստակաւոր արթիսթ Սամուէլ Բաղինեանը:
Մարդու վրայ ներազդելու, անոր մէջ ազգային նկարագիր սերմանելու եւ ազգային ակունքներէն սնուելու հայրենանուէր գործով, բարձր կատարողականութեամբ, «Շուշի» պարախումբի սաները, գեղեցիկ ու հոգեպարար ելոթով ներկայացուցին մեծն Կոմիտասը, հրապուրելով եւ վառ երեկոյ պարգեւելով Գիւմրիի արուեստասէր եւ մշակութասէր հանրութեան:
Ի պատիւ «Շուշի» պարախումբի հիմնադիր տնօրէն, գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Տիկ. Սեդա Փասքալեան Գանթարճեանի կողմէ բծախնդրօրէն մշակած բեմադրութիւններուն, պարախումբը հանրութեան ներկայացաւ պարային բազմազան, ճոխ եւ հմայիչ յայտագիրով ու յաջողեցաւ ներկաները համակել գեղարուեստական վայելքի յիշարժան պահերով:
Հանդիսատեսը, բացի պարային կատարումներէն, բարձր գնահատեց նաեւ խումբի տարազներու եւ երաժշտական ձեւաւորման ինքնատիպ ճաշակը եւ պարողներու խանդավառութիւնը:
Հանդիսատեսի շարքին գտնուող, արուեստի վաստակաւոր գործիչ, պետական ֆիլհարմոնիայի պարող, երկար տարիներ թատրոնի տնօրէն Էտուարտ Պօղոսեանը իր հիացմունքը յայտնելով պարախումբի սաներուն եւ պատասխանատուներուն, զարմանք յայտնեց, թէ ինչպէս, տեղի պայմաններէն ելլելով, շաբաթը մէկ օր փորձի հնարաւորութիւն ունենալով, կարելի եղած է այսպիսի բարձրորակ եւ մասնագիտական խումբ մը մէջտեղ բերել:
«Բեմին վրայ լրիւ հասկնալի էր, թէ ինչ կ'ուզէք ըսել, ինչի համար կը պարէք, ձեր կատարումը լոկ շարժումներու շարան չէր, դուք կը խօսէիք, կը պարէիք, ձեր պարին մէջ հայրենասիրութիւն կար», -ըսաւ ան, եւ եզրափակելով իր խօսքը աւելցուց՝ «Մենք Հայաստանի մէջ ձեր նման խումբ չունինք, «Հալալ» ըլլայ ձեզ, ապրի՛ք»:
Գիւմրիի Մարզամշակութային կեդրոնին մէջ կայացած համերգը անմոռանալի պիտի մնայ գիւմրեցիներու յիշողութեան մէջ եւ անոնց բարձր գնահատակններն ու բուռն ծափողջոյնները «Շուշի»ի պարախումբի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն առաւել ուժ եւ կորով պիտի հաղորդեն՝ հեռաւոր ափերուն մէջ հայկական արմատներուն կառչած մնալու եւ հայ մշակոյթոը ապրեցնլու անոնց յանձնառութեան:
: