«Portraits d'hier et d'aujourd'hui». Արուեստագէտ Գլոտ Չաւուշի անհատական ցուցահանդէսը Լիոնի մէջ
Հովանաւորութեամբ Լիոնի 8-րդ շրջանի Քաղաքապետին, 17 Փետրուար 2020-ին, «Atrium de la mairie» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանրածանօթ նկարիչ, արուեստագէտ Գլոտ Չաւուշի գեղանկարներու ցուցահանդէսին` «Portraits d'hier et d'aujourd'hui» («Դիմանկարներ՝ երէկուան եւ այսօրուան») խորագիրին տակ:
Այս մասին «Ռամկավար Մամուլ»ը տեղեկացաւ ֆրանսայէն։ Մեր թղթակիցը նաեւ յայտնեց, որ «բարձր ճաշակով օժտուած արհեստավարժ արուեստագէտի ցուցադրած դիմանկարները կը պատկերեն անոր կեանքի ընթացքին ձեռքբերած ծանօթութիւններէն պատառիկներ, արժեւորելով անհատը, սէրը եւ բարեկամութիւնը»:
«Ռամկավար Մամուլ»ի թղթակցի նկարագրութեամբ, ցուցադրուած կտաւներու համալիրը «Փորթուկալեանի շունչով եւ ժառանգութեամբ ստեղծուած արուեստագէտի պատկերացում մըն է՝ մերօրեայ մարդ-մարդու յարաբերութեան, կենցաղային եւ անհատականութեան նրբերանգներու արտացոլման իւրայատուկ վարպետութեամբ»:
Նշենք, որ ցուցահանդէսին ներկայ եղած է եւ իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է Ֆրանսայի ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ատենապետ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի փոխնախագահ եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Վազգէն Էսքիճեանը: