Գառզուի եւ Ժանսեմի գործերը Երեւանի մէջ պիտի ցուցադրուին մէկ հարթակի վրայ
Եւրոպական ժառանգութեան օրերու շրջածիրէն ներս, հոկտեմբեր 17-24-ը «Առնօ Պապաճանեան» համերգասրահին վերաբացուած ճեմասրահներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան-Ֆրանսա. մշակութային երկխօսութիւն» խորագրով ցուցահանդէսը:
Արուեստասէրներուն պիտի ներկայացուին համաշխարհային ճանաչում ունեցող ֆրանսահայ անուանի գեղանկարիչներ Գառզուի (Գառնիկ Զուլումեան) եւ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմերճեան) գծանկարչական աշխատանքները:
Ցուցադրութեան պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 17-ին: Ցուցահանդէսին բացման ելոյթով պիտի մասնակցի «Քատանս» համոյթը:
Երեկոյին ընթացքին պիտի հնչեն Շառլ Ազնաւուրի, Ժորժ Գարուարենցի, Միշէլ Լէօկրանի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Ռիչըրտ Կալիանոյի, Ասթոր Փիացոլայի եւ այլ երգահաններու ստեղծագործութիւնները:
Ցուցահանդէսի փակման պիտի յաջորդեն Ղազարոս Սարեանի անուան լարային քառեակի եւ Լիլիթ Զաքարեանի (դաշնամուր) ելոյթները։
Նախագիծը կ’իրականացուի ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ Երեւանի ժամանակակից արուեստի թանգարանի համագործակցութեամբ: